Պաշտօնական յայտարարութիւն մը հրապարակելով` Շիրակ Գիւմրի ֆութպոլի ակումբը յայտնեց, որ մահացաւ ակումբին 21 տարեկան ֆութպոլիստ Լեռնիկ Ղազարեանը:
Նախորդ 5 սեպտեմբերին ան ծանրօրէն վիրաւորուած էր եւ մահաքունի մէջ էր` ինքնաշարժի արկածի մը ենթարկուելուն պատճառով:
Շիրակ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր ընտանիքին:
Նշենք, որ Լեռնիկ Ղազարեան 44-օրեայ պատերազմին մասնակիցներէն էր: