«ԷՅ. ՓԻ.» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այս տարուան աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ:
Սկզբունքով մրցաշարքը տեղի պիտի ունենար Ճափոնի մէջ, սակայն «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով Ճափոն հրաժարեցաւ մրցաշարքը հիւրընկալելէ:
Համավարակին պատճառով 2020-ի ախոյեանութիւնը կատարուեցաւ այս տարի` փետրուարին, որուն ընթացքին տիտղոսակիր դարձաւ Պայէրն Միւնիխ:
Նշենք, որ այս տարի Եւրոպան պիտի ներկայացնէ լոնտոնեան Չելսին, որ նախնական հանգրուանին պիտի մրցի եգիպտական Ահլիի եւ նոր զելանտական Օքլենտ Սիթիի դէմ: