Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն 7-րդ օրը, երէկ Հայաստանի դահուկարշաւի հաւաքականի անդամ Միքայէլ Միքայէլեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ տղոց 15 քմ դասական մրցումին, արձանագրելով 43:09:1 արդիւնք մը 99 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 61-րդ դիրքը:
Այսպիսով, անոր համար ողիմպիական խաղերը վերջ գտան:
Այժմ ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 21-27 փետրուարին տեղի ունենալիք աշխարհի երիտասարդական ախոյեանութեան, ուր մեծ ակնկալիքներ կան հայ մարզիկէն:
Տղոց չմշկավազքի տասը հազար մեթրի արագավազքի մրցումներուն, աշխարհի նոր մրցանիշ հաստատեց եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան հռչակուեցաւ շուէտացի Նիլս Փոյել (12: 30. 74):
Նշենք, որ ան ոսկի մետալի տիրացած էր նաեւ հինգ հազար մեթրի մրցումին:
Տիրանալով 7 ոսկի եւ 4 արծաթ մետալի, Գերմանիա կը շարունակէ գրաւել մետալներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:


