Նախանցեալ օր Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2021-2022 տարեշրջանի երթի մրցումներուն յայտագիրը:
Բացման մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 13 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ պիտի հիւրընկալէ Չեմփսը:
Երկուշաբթի, 14 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 21:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Պէյրութի դէմ, իսկ երեքշաբթի, 15 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս` Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ:
Վերոնշեալ երկու մրցումներն ալ տեղի պիտի ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Մըթայլեպ, Անդրանիկ Պէյրութ, 1875 եւ Հուփս: