Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը կը շարունակեն ընթանալ բաւական մեծ ոգեւորութեամբ, որուն ընթացքին պայքարը սուր ձեւով կ՛ընթանայ` անոր իրենց մասնակցութիւնը բերող մարզիկներուն միջեւ:
Երէկ, Հայաստանի դահուկավազքի հաւաքականի անդամ Քաթիա Գալստեան 90 մասնակցողներուն մէջ գրաւեց 80-րդ դիրքը:
Ան չկրցաւ յաղթահարել արագավազքի մրցումը` արձանագրելով 4:00:48 արդիւնք մը:
Վաղը` հինգշաբթի, 10 փետրուարին, ան պիտի մասնակցի 10 քմ դասական ոճի մրցումին:
Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Նէյթըն Չեն տղոց գեղասահքի մրցումներուն համաշխարհային մրցանիշ մը հաստատեց` ապահովելով 113,97 կէտ: Նախկին մրցանիշն էր 111,82, որ հաստատուած էր 2020-ին:
Այստեղ նշենք, որ Չենի մարզիչն է հայազգի Ռաֆայէլ Յարութիւնեան:
Աւստրիա երէկ յաջողեցաւ երկու ոսկի մետալի տիրանալ, Ֆրանսա կրցաւ տիրանալ իր առաջին ոսկի մետալին, մինչ Միացեալ Նահանգներ ցարդ կը մնան առանց ոսկի մետալի:
Տիրանալով իր 4-րդ ոսկի մետալին Շուէտ շարունակեց մնալ պարագլուխի դիրքին վրայ (4 ոսկի, 1 արծաթ, 1 պրոնզ):
Նետերլանտներ յաւելեալ ոսկի մետալի մը եւս տիրանալով բարձրացան երկրորդ դիրք (3 ոսկի, 3 արծաթ, 1 պրոնզ): Նետերլանտներու ոսկի մետալը ապահովեց Քժելտ Նուիս, 1500 մեթր չմշկավազքի մրցումին: Այդ երկիրը 1994-էն ի վեր միշտ ալ այս մրցումին կը տիրանայ ոսկի մետալին:
Մետալներու դասաւորման մէջ, լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ Չինաստան (3 ոսկի, 2 արծաթ):
Նշենք, որ չորրորդ դիրքին վրայ գտնուող Նորվեկիա եւս ցարդ տիրացած է 3 ոսկի մետալի (4 պրոնզի կողքին):


