Չինաստանի մայրաքաղաք Պէյճինկի մէջ տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, երէկ մարզիկները պայքարեցան 9 մետալներու համար:
Բաւական ուշագրաւ եղան Շուէտի մարզիկները` նկատի ունենալով, որ անոնք երէկ երկու ոսկի մետալի տիրանալով երեքի բարձրացուցին իրենց մետալներուն ընդհանուր հաշիւը` գրաւելով դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Շուէտի ետին երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէին խումբը, որ տիրացած է 7 մետալի (2 ոսկի, 3 արծաթ, 2 պրոնզ):
Երկուքական ոսկի մետալի տիրացած են նաեւ` Նետերլանտներ, Չինաստան, Գերմանիա, Նորվեկիա եւ Սլովենիա:
Իսկ մէկական ոսկի մետալի տիրացած են` Իտալիա, Քանատա, Ճափոն, Աւստրալիա, Զուիցերիա եւ Նոր Զելանտա:
Սակայն Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա, ցարդ չեն յաջողած որեւէ ոսկի մետալի տիրանալ (միայն 3-ական արծաթ):
Քանատայի եւ Ռուսիոյ ողիմպիական կոմիտէի խումբին միջեւ տեղի ունենալիք աղջկանց մրցումը քիչ մը ուշացումով սկսաւ` նկատի ունենալով, որ քանատական պատուիրակութեան պատասխանատուները պահանջեցին, որ իրենց մրցակից կազմին մարզիկները դիմակներով կատարեն իրենց այս մրցումը:


