Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող աշխարհի ակումբներու ֆութպոլի ախոյեանութեան կիսաւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումին իրարու դէմ մրցեցան «Չեմփիընզ Լիկ»-ի մրցաշարքի տիտղոսակիր` Չելսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչ Հիլալ:
Գերմանացի Թոմաս Թուխելի գլխաւորած կազմը` Չելսի եղաւ մրցումին յաղթականը` 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակեց պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու` 32-րդ վայրկեանին:
Աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 12 փետրուարին, Չելսի իր դէմ պիտի ունենայ Լիպերթատորես բաժակի մրցաշարքի տիտղոսակիր Փալմէյրասը (Պրազիլ), որ կիսաւարտականին իր յաղթանակը արձանագրեց եգիպտական Ահլիի դէմ` 2-0 արդիւնքով: