Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենին մաս կազմող պրազիլցի միջազգային յառաջապահ Նէյմար, չկարենալով ապաքինիլ իր ստացած վնասուածքէն, իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ռէալ Մատրիտի դէմ ունենալիք մրցումին:
Այս մրցումը, որ կ՛իյնայ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ 15 փետրուարին:
30 տարեկան Նէյմար թէեւ սկսաւ իր փորձերուն, սակայն մինչեւ այդ թուականը պիտի չկարենայ ամբողջութեամբ ապաքինիլ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ»-ը:


