«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» կը յայտնէ, որ Մեծն Բրիտանիա եւ Իրլանտա հրաժարեցան հիւրընկալել 2030-ի Մոնտիալը:
Անոր փոխարէն, Իրլանտայի, Անգլիոյ, Կալեսի, Սկովտիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի ֆութպոլի ֆետերասիոնները միասնաբար իրենց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն հիւրընկալելու համար «ԵՒՐՕ-2028»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը:
2030-ի Մոնտիալին գծով ցարդ Սպանիա եւ Փորթուգալ առաջադրած են միացեալ թեկնածութիւն մը:
Աշխարհի ախոյեանութիւնը միասնաբար հիւրընկալելու գաղափար ունին նաեւ Արժանթին-Ուրուկուէյ եւ Չիլի-Փարակուէյ:
Սակայն այս գծով ցարդ պաշտօնապէս որեւէ յայտարարութիւն չէ կատարուած:
Նշենք, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ը տեղի պիտի ունենայ Գերմանիոյ մէջ, իսկ 2026-ի Մոնտիալը միասնաբար պիտի հիւրընկալեն Միացեալ Նահանգներ, Քանատա եւ Մեքսիքա:


