Պէյճինկի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող 24-րդ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն, գեղասահքի խմբային ախոյեանի կոչումին տիրացած Ռուսիոյ հաւաքականի անդամ, 15 տարեկան Քամիլա Վալիեւա օգտագործած է «Թրիմեթազիթին», այս մասին յայտնեց միջազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Անիկա 2014-էն ի վեր արգիլուած է մարզաշխարհին մէջ, որովհետեւ կը նկատուի խթանիչ դեղ եւ կը բարելաւէ սրտի աշխատանքը` թթուածինի պակասի պայմաններուն գծով:
Ախոյեան Ռուսիոյ, ինչպէս նաեւ արծաթէ եւ պրոնզէ մետալակիրներ Միացեալ Նահանգներու եւ Ճափոնի պարգեւատրման հանդիսութիւնը ցարդ տեղի չէ ունեցած:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Ռուսիա կրնայ զրկուիլ խմբային ոսկի մետալէն, իսկ Վալիեւա պիտի որակազրկուի եւ իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել մենասահքի անհատական մրցումին: