Իր մասնակցութիւնը բերելու համար 8-16 փետրուարին տեղի ունենալիք Արաբական պասքեթպոլի 24-րդ ախոյեանութեան, Լիբանանի տղոց ազգային խումբը Պէյրութի միջազգային օդակայանէն մեկնեցաւ Տուպայ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Ղազի Պուսթանի, մինչ խումբին մարզիչն է Ժատ Հաժ:
Իսկ խումբին մարզիկներն են. Ազիզ Ապտել Մասիհ, Ճիմի Սալեմ, Աթեր Մաճոք, Ամիր Սէուտ, Սերճիօ Տարուիշ, Քարիմ Զէյնուն, Ժատ Խալիլ, Ալի Մանսուր, Ալի Հայտար, Քրիսթոֆ Խալիլ, Հայկ Կէօքճեան եւ Ալի Մըզհեր:
Տուպայի մէջ խումբին կը միանան Ուաէլ Արաքժի եւ Եուսեֆ Խայեաթ: