Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի տղոց 24-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 9 փետրուարին, յետմիջօրէին ժամը 16:00-ին, Նասըր ակումբի դաշտին վրայ, Լիբանանի ազգային խումբը կը մրցի Սոմալիի դէմ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եօթը երկիրներու ազգային խումբեր:
Լիբանան, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ նաեւ Ալճերիան:
Իսկ Ա. խմբակին մաս կազմող խումբերն են` Լիպիա, Յորդանան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Թունուզ:


