Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող խումբերէն Նոա այսուհետեւ իր հանդիպումները պիտի կատարէ Արմաւիրի մէջ, այս մասին պաշտօնապէս յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ակումբը նշեց, որ մարզադաշտը կրնայ հիւրընկալել 3100 համակիր:
24 փետրուարին Նոա հիւրը պիտի ըլլայ Արարատին, 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Իսկ 20-րդ հանգրուանին գծով երեւանեան ակումբը Արմաւիրի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ալաշկերտը:


