Մարզական

Թենիս.  Մետվետեւ Պարագլուխի Դիրքը  Պիտի Զիջի Ճոքովիչին

Թենիս. Մետվետեւ Պարագլուխի Դիրքը Պիտի Զիջի Ճոքովիչին

Միացեալ Նահանգներու Ինտիըն Ուէյլզ քաղաքին մէջ շարունակուող թենիսի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին պարտուելուն պատճառով, ռուս արհեստավարժ թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին հրապարակուելիք միջազգային նոր դասաւորման մէջ պիտի նահանջէ երկրորդ դիրք` պարագլուխի դիրքը դարձեալ զիջելով սերպ Նովաք Ճոքովիչին: Մետվետեւ իր պարտութիւնը կրեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 28-րդ դիրքին վրայ գտնուող ֆրանսացի Կայել Մոնֆիսէն` 6-4, 3-6 եւ 1-6 արդիւնքով: Պարագլուխի դիրքին...

Չելսիի Նախկին Սեփականատէր. «Ի՞նչ Կապ Ունին  Չելսիի Աշխատակիցներն  Ու Համակիրները` Ուքրանիոյ Հետ»

Չելսիի Նախկին Սեփականատէր. «Ի՞նչ Կապ Ունին Չելսիի Աշխատակիցներն Ու Համակիրները` Ուքրանիոյ Հետ»

Լոնտոնեան Չելսիի նախկին սեփականատէր, անգլիացի 90 տարեկան գործարար Քեն Պէյթց, նախորդ շաբաթավերջին խստօրէն քննադատեց Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը` Չելսիի նկատմամբ կիրարկուած պատժամիջոցներուն համար: Ակումբը զրկուեցաւ առեւտրական գործունէութեամբ զբաղելու, ինչպէս նաեւ իր դաշտին վրայ իր կատարելիք մրցումներուն տոմսերը ծախելու իրաւունքէն: Նշուեցաւ, որ պատճառը այն է, որ ակումբին ռուս սեփականատէրը` Ռոման Ապրամովիչ, ենթադրեալ կապեր ունի Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: «Պատժամիջոցները պարզապէս վնաս...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ  Իր Կազմին Միացնել Հերի Քէյնը

Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Իր Կազմին Միացնել Հերի Քէյնը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը պիտի փորձէ գալիք ամրան ընթացքին, երբ սկսին մարզիկներու ամառնային փոխանցումները, իր կազմին միացնել լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հերի Քէյնը, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը: Նշուեցաւ նաեւ, որ անոր հետ միասին մանչեսթըրեան ակումբին մարզիչ կրնայ նշանակուիլ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի այժմու մարզիչ, արժանթինցի Մաուրիցիօ Փոքեթինօ, որ անցեալին եղած է Թոթենհամի մարզիչ:...

Պենզեմայի Եւ Մենտիի Մասնակցութիւնը  «Քլասիքօ»-ի Մրցումին` Հարցականի Տակ

Պենզեմայի Եւ Մենտիի Մասնակցութիւնը «Քլասիքօ»-ի Մրցումին` Հարցականի Տակ

Սպանական «Մարքա» մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմայի եւ ֆրանսացի յետսապահ Ֆերլան Մենտիի մասնակցութիւնը` «Քլասիքօ»-ի մրցումին, հարցականի տակ է` նկատի ունենալով, որ անոնք մկանային խնդիրներ ունին: Թէեւ անոնք երկուքը այսօր` չորեքշաբթի, 16 մարտին բժշկական յաւելեալ քննութիւններու պիտի ենթարկուին, սակայն դժուար թէ կարենան մինչեւ շաբաթավերջ լաւ մարզավիճակի մէջ ըլլալ: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանին...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Չեմփս` 55-39

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Չեմփս` 55-39

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Չեմփս մրցումը: ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ կրած չորս պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 55-39 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-15, 6-3, 15-11 եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Հուփս

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Հուփս

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ: Շանվիլ, որ հիւրը եղաւ Պիպլոսին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 85-80 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Մարուան Զիատէ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ եւ 15 ռիպաունտ): Այլ մրցումի մը, Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 90-82 արդիւնքով յաղթանակ մը: Անդրանիկէն տապըլ-տապըլ...

Կռփամարտ.  Հայաստան 8 Մետալի Տիրացաւ Մոնթենեկրոյի Մէջ

Կռփամարտ. Հայաստան 8 Մետալի Տիրացաւ Մոնթենեկրոյի Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին Մոնթենեկրոյի մէջ իր աւարտին հասաւ կռփամարտի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցաշարքին Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ տիրացան 8 մետալի (2 ոսկի, 2 արծաթ եւ 4 պրոնզ): Ոսկի մետալի տիրացան Էրիկ Իսրայէլեան (60 քկ) եւ Արթուր Մկրտչեան (63 քկ): Իսկ արծաթէ մետալակիր դարձան Արէն...

Ա. Էս. Ռոմա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մխիթարեանին

Ա. Էս. Ռոմա Նոր Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Առաջարկէ Մխիթարեանին

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին: Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը պատրաստ է 33 տարեկան միջնապահին հետ կնքելու երկու տարուան յաւելեալ պայմանագրութիւն մը եւս, այս մասին յայտնեց «Քալչիօ Մերքաթօ»: Սակայն ասոր համար Մխիթարեան պէտք է համաձայնի աշխատավարձի կրճատման: Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, այժմ անոր աշխատավարձը տարեկան 4 միլիոն...

Կռփամարտ.  Հայաստանի 11 Կռփամարտիկ Մեկնեցաւ Մեքսիքա

Կռփամարտ. Հայաստանի 11 Կռփամարտիկ Մեկնեցաւ Մեքսիքա

Արհեստավարժ կռփամարտի Հայաստանի հաւաքականի 11 մարզիկներ` մարզիչ Գարիկ Պաղտասարեանի գլխաւորութեամբ, մեկնեցան Մեքսիքա, հոն կատարելու համար ուսումնամարզական հաւաք եւ արհեստավարժ մենամարտեր մեքսիքացի կռփամարտիկներու դէմ, այս մասին յայտնեց  Համահայկական կռփամարտի եւ արհեստավարժ մարզաձեւերու ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այդ 11 կռփամարտիկներն են. Ռուտոլֆ Գարբոյեան (51 քկ), Ռուբէն Գարբոյեան (54 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (57 քկ), Ժորժիկ Մարութեան եւ Սամուէլ Այթինեան (60 քկ), Հրայր Մաթեւոսեան եւ...

Ռուսական Ֆութպոլ.  Սպերցեանի Տուպլէին Շնորհիւ Քրասնոտար Յաղթեց Սպարտակին

Ռուսական Ֆութպոլ. Սպերցեանի Տուպլէին Շնորհիւ Քրասնոտար Յաղթեց Սպարտակին

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Քրասնոտար Մոսկուայի մէջ արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպարտակ Մոսկուան: Քրասնոտարի այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան, որ տուպլէ մը իրագործեց (5-րդ եւ 86-րդ` փենալթիով): Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Քրասնոտար, որ ունի  35 կէտ, կը գրաւէ 5-րդ դիրքը,...

Մեսսիի Հայրը Պարսելոնայի Հետ Քննարկեց Անոր Վերադարձի Հարցը

Մեսսիի Հայրը Պարսելոնայի Հետ Քննարկեց Անոր Վերադարձի Հարցը

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը Պարսելոնայի հետ քննարկեց քաթալոնական ակումբ իր զաւկին վերադարձին հարցը, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին տեղեկացուց միջազգային մարզական մամուլը: Մեսսի ցարդ չէ կրցած ամբողջութեամբ շաղուիլ փարիզեան ակումբին հետ եւ կը փափաքի վերադառնալ իր նախկին ակումբը, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2000-2021 տարիներուն: Ան Սեն Ժերմենին միանալէն ի վեր անոր հետ...

Չաւի. «Նոյնիսկ Եթէ Յաղթենք Ռէալ Մատրիտին, Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ Տիրանալ Ախոյեանութեան Տիտղոսին»

Չաւի. «Նոյնիսկ Եթէ Յաղթենք Ռէալ Մատրիտին, Շատ Դժուար Պիտի Ըլլայ Տիրանալ Ախոյեանութեան Տիտղոսին»

Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Օսասունայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0), որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: «Կատարեցինք մեր լաւագոյն մրցումներէն մէկը, ակումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակումէս ետք: «Բոլորն ալ մեծապէս գոհ են արդիւնքէն, նկատի ունենալով, որ ատիկա մեզի մարտական ոգի եւ վստահութիւն ներշնչեց: «Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 20...

Լիբանանեան Ֆութպոլ  ՀՄԸՄ Պէյրութ-Պէյրութ` 3-0

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ-Աթլեթիքօ Պէյրութ` 0-0

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Պէյրութի նահանգ) 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 մարտին Քասքասի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութ-Աթլեթիքօ Պէյրութ մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը: Նախքան իր այս մրցումը կատարելը, ՀՄԸՄ արձանագրած էր երկու յաղթանակ եւ կրած պարտութիւն մը, մինչ Աթլեթիքօ իր կատարած երեք մրցումներուն բոլորին ալ արձանագրած էր յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտ:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1875` 54-33

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1875` 54-33

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1875 մրցումը: Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 54-33 արդիւնքով: Նշենք, որ Ա. կիսախաղի դադարին ՀՄԸՄ ունեցաւ 10 կէտի առաւելութիւն մը (33-23): Այս հանգրուանէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Պէյրութ եւ Ռիատի Պէյրութ, որոնք արձանագրած են...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Պէյրութ-Տինամօ` 92-75

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պէյրութ-Տինամօ` 92-75

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամոն, անոր դէմ արձանագրեց 92-75 արդիւնքով յաղթանակ մը (21-23, 21-19, 28-18 եւ 22-15): Բաւական բացառիկ եւ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Լիբանանի տղոց ազգային խումբի մարզիկ Հայկ Կէօքճեան (25 կէտ, 10 ռիպաունտ): Անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 25 կէտ:...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն  Վար Ախոյեանութիւն.  Հրաչեայ Մարգարեան Եւ Նարեկ Յարութիւնեան`  Արծաթէ Մետալակիր

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի 23 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հրաչեայ Մարգարեան Եւ Նարեկ Յարութիւնեան` Արծաթէ Մետալակիր

Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը: Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ յաջողեցան մետալներու տիրանալ: Հրաչեայ Մարգարեան (65 քկ) եւ Նարեկ Յարութիւնեան (70 քկ) թէեւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը, սակայն պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, բաւականացան արծաթ մետալով: 79 քկ դասակարգին մէջ, Մուշեղ Մկրտչեան Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ...

Կռփամարտ.  Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչ  Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Կռփամարտ. Հայաստանի Չորս Ներկայացուցիչ Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներ իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն իրենց տոմսերը: Ոսկի մետալի համար պիտի պայքարին Արէն Ասլամազեան (51 քկ), Մանուէլ Պետրոսեան (57 քկ), Էրիկ Իսրայէլեան (60 քկ) եւ Արթուր Մկրտչեան (63,5 քկ):    

Պելճիքական Ֆութպոլ.  Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Պելճիքական Ֆութպոլ. Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Պելճիքայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Ֆ. Ք. Պրիւժ, որ հիւրը եղաւ Ուսթենտէին, արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան կերտեց իր կազմին այս կարեւոր յաղթանակը տուպլէ մը իրագործելով (17-րդ եւ 32-րդ): 28 տարեկան յառաջապահը փոխարինուեցաւ 80-րդ վայրկեանին: Նշենք, որ ան այսպիսով նշանակեց տարեշրջանի իր չորրորդ կոլը: Անոր կազմը այժմ...

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Բոլոր Ժամանակներու  Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` Բոլոր Ժամանակներու Լաւագոյն Ռմբաձիգը

Անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող փորթուգալցի 37 տարեկան յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ բոլոր ժամանակներու լաւագոյն ռմբաձիգը` պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին իր նշանակած կոլերուն քանակով (807 կոլ), այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Արդարեւ, Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ան լոնտոնեան Թոթենհամի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (3-2) դարձաւ հեթրիքի յաղթանակ: Ան այսպիսով ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին 59-րդ անգամ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1875

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի 1875 խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կը սպասուի ուղղուիլ մարզադաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:  

Page 414 of 1280 1 … 413 414 415 … 1,280

Արխիւներ