Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Չեմփս մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ նախքան իր այս մրցումը կատարելը արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ կրած չորս պարտութիւն, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը` 55-39 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 14-15, 6-3, 15-11 եւ 20-10:


