Մոնթենեկրոյի մէջ տեղի ունեցող կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Հայաստանի չորս ներկայացուցիչներ իրենց արձանագրած տպաւորիչ արդիւնքներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի ճակատումներուն իրենց տոմսերը:
Ոսկի մետալի համար պիտի պայքարին Արէն Ասլամազեան (51 քկ), Մանուէլ Պետրոսեան (57 քկ), Էրիկ Իսրայէլեան (60 քկ) եւ Արթուր Մկրտչեան (63,5 քկ):


