Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Հաւաքականը Մարզական Հաւաք Մը Պիտի Կատարէ
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը 18-21 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Այս հաւաքը պիտի ըլլայ պատրաստութիւն` «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա. »-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին գծով: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեան, որ հրապարակեց այս հաւաքին մասնակցող իր կազմը, պիտի փորձէ լաւապէս պատրաստուիլ հաւաքէն ետք տեղի...



















