Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 21-րդ հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, Քրասնոտար Մոսկուայի մէջ արձանագրեց բաւական կարեւոր յաղթանակ մը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սպարտակ Մոսկուան:
Քրասնոտարի այս յաղթանակը կերտեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Էդուարդ Սպերցեան, որ տուպլէ մը իրագործեց (5-րդ եւ 86-րդ` փենալթիով):
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Քրասնոտար, որ ունի 35 կէտ, կը գրաւէ 5-րդ դիրքը, մինչ Սպարտակ 26 կէտով` 9-րդ դիրքը:


