Պուլկարիոյ Փլովտիվ քաղաքին մէջ իր աւարտին կը մօտենայ Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութիւնը:
Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ներկայացուցիչները իրենց արձանագրած տպաւորիչ ելոյթներուն շնորհիւ յաջողեցան մետալներու տիրանալ:
Հրաչեայ Մարգարեան (65 քկ) եւ Նարեկ Յարութիւնեան (70 քկ) թէեւ ապահովեցին աւարտականի իրենց տոմսերը, սակայն պարտութիւն կրելով իրենց մրցակիցներէն, բաւականացան արծաթ մետալով:
79 քկ դասակարգին մէջ, Մուշեղ Մկրտչեան Հայաստանի համար ապահովեց պրոնզ մետալ մը:
Իր կարգին, պրոնզէ մետալի տիրացաւ Նորիկ Յարութիւնեան, 61 քկ դասակարգին մէջ:


