Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը նոր պայմանագրութիւն մը պիտի առաջարկէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին:
Նշուեցաւ, որ հռոմեան ակումբը պատրաստ է 33 տարեկան միջնապահին հետ կնքելու երկու տարուան յաւելեալ պայմանագրութիւն մը եւս, այս մասին յայտնեց «Քալչիօ Մերքաթօ»:
Սակայն ասոր համար Մխիթարեան պէտք է համաձայնի աշխատավարձի կրճատման:
Իտալական մարզական մամուլին համաձայն, այժմ անոր աշխատավարձը տարեկան 4 միլիոն եւրօ է:
Նոր պայմանագիրով, ակումբը անոր պիտի առաջարկէ տարեկան 2 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ Մխիթարեանի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ ընթացիկ տարեշրջանին աւարտը:
Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 10 միլիոն եւրոյով:


