Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երէկ Պէյրութ, որ Շիահի իր մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Տինամոն, անոր դէմ արձանագրեց 92-75 արդիւնքով յաղթանակ մը (21-23, 21-19, 28-18 եւ 22-15):
Բաւական բացառիկ եւ տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով, յաղթական կազմէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Լիբանանի տղոց ազգային խումբի մարզիկ Հայկ Կէօքճեան (25 կէտ, 10 ռիպաունտ):
Անոր խմբակից Ուաէլ Արաքժի նշանակեց 25 կէտ:
Այլ մրցումի մը, Սաժես, որ Ղազիրի մէջ հիւրընկալեց Անդրանիկ Պէյրութը, արձանագրեց 77-70 արդիւնքով յաղթանակ մը:


