Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Չաւի նախորդ շաբաթավերջին իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին անդրադարձաւ Օսասունայի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (4-0), որ կ՛իյնայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 28-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ:
«Կատարեցինք մեր լաւագոյն մրցումներէն մէկը, ակումբին գլխաւոր մարզիչ նշանակումէս ետք:
«Բոլորն ալ մեծապէս գոհ են արդիւնքէն, նկատի ունենալով, որ ատիկա մեզի մարտական ոգի եւ վստահութիւն ներշնչեց:
«Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 20 մարտին, Մատրիտի մէջ բաւական կարեւոր մրցում մը ունինք կատարելիք Ռէալ Մատրիտի դէմ, «Քլասիքո»-ի մրցումին:
«Նոյնիսկ եթէ յաղթենք, դժուար թէ կարենանք տիրանալ ախոյեանութեան տիտղոսին` նկատի ունենալով, որ անիկա ցարդ կրած է երկու պարտութիւն, մինչ մինչեւ ախոյեանութեան աւարտը անիկա պէտք է, որ նուազագոյնը երեք կամ չորս պարտութիւն կրէ:
«Այս հարցով այդքան ալ լաւատես չենք կրնար ըլլալ», յայտնեց Չաւի:
Պարսելոնա, որ այժմ 51 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքը, 12 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռէալ Մատրիտէն:


