Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախանցեալ օր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս-1875 մրցումը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին յաղթանակով` 54-33 արդիւնքով:
Նշենք, որ Ա. կիսախաղի դադարին ՀՄԸՄ ունեցաւ 10 կէտի առաւելութիւն մը (33-23):
Այս հանգրուանէն ետք, այժմ ՀՄԸՄ Անթիլիաս, Պէյրութ եւ Ռիատի Պէյրութ, որոնք արձանագրած են 5-ական յաղթանակ, ունին 10-ական կէտ:


