Միացեալ Նահանգներու Ինտիըն Ուէյլզ քաղաքին մէջ շարունակուող թենիսի «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ընթացքին պարտուելուն պատճառով, ռուս արհեստավարժ թենիսմեն Տանիիլ Մետվետեւ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին հրապարակուելիք միջազգային նոր դասաւորման մէջ պիտի նահանջէ երկրորդ դիրք` պարագլուխի դիրքը դարձեալ զիջելով սերպ Նովաք Ճոքովիչին:
Մետվետեւ իր պարտութիւնը կրեց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման 28-րդ դիրքին վրայ գտնուող ֆրանսացի Կայել Մոնֆիսէն` 6-4, 3-6 եւ 1-6 արդիւնքով:
Պարագլուխի դիրքին վրայ մնալու համար Մետվետեւ նուազագոյնը պէտք էր հասնէր մինչեւ քառորդ աւարտական: