Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի մաս կազմող արժանթինցի միջազգային յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հայրը Պարսելոնայի հետ քննարկեց քաթալոնական ակումբ իր զաւկին վերադարձին հարցը, այս մասին նախորդ շաբաթավերջին տեղեկացուց միջազգային մարզական մամուլը:
Մեսսի ցարդ չէ կրցած ամբողջութեամբ շաղուիլ փարիզեան ակումբին հետ եւ կը փափաքի վերադառնալ իր նախկին ակումբը, որուն հետ ելոյթ ունեցած է 2000-2021 տարիներուն:
Ան Սեն Ժերմենին միանալէն ի վեր անոր հետ 26 մրցումի ընթացքին նշանակած է 7 կոլ եւ կատարած 11 էսիսթ:
Ինչպէս ծանօթ է, Փարիզ Սեն Ժերմեն դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքէն` 3-2 արդիւնքով (երթուդարձ) պարտութիւն մը կրելէ ետք Ռէալ Մատրիտէն:


