Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու մրցումներ:
Շանվիլ, որ հիւրը եղաւ Պիպլոսին, անոր դաշտին վրայ արձանագրեց 85-80 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմէն Մարուան Զիատէ տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (15 կէտ եւ 15 ռիպաունտ):
Այլ մրցումի մը, Անդրանիկ Պէյրութ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) հիւրընկալեց Աթլասը, արձանագրեց 90-82 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Անդրանիկէն տապըլ-տապըլ մը իրագործեց Էլիաս Սըպաալի (12 կէտ եւ 14 ռիպաունտ), իսկ Աթլասէն` Պասել Հարֆուշ (23 կէտ եւ 16 ռիպաունտ):
Այսօր տեղի կ՛ունենայ յաւելեալ մրցում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ Պէյրութ, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը:


