Մարզական

Անչելոթթի Պաշտօնանկ Պիտի Չըլլայ,  Եթէ Խումբը Տիտղոսի Տիրանայ

Անչելոթթի Պաշտօնանկ Պիտի Չըլլայ, Եթէ Խումբը Տիտղոսի Տիրանայ

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ պիտի չընէ իր իտալացի մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթին, եթէ արքայական ակումբը տիրանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսներուն: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը: Ռէալ Մատրիտ թէեւ «Լա Լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին...

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալ  Կոտրուածք Ստացաւ

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալ Կոտրուածք Ստացաւ

Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 21 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, կոտրուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց սպանական անուանի «Մարքա» մարզական օրաթերթը: Նատալ, որ իր վնասուածքը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ինտիըն Ուէյլզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Մասթըրզի մրցաշարքի աւարտականին, ապաքինման համար պէտք ունի շուրջ վեց շաբթուան: Ան այսպիսով պիտի բացակայի 10-17 ապրիլին Մոնթէ Քարլոյի մէջ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Անդրանիկ Պէյրութ` 79-42

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Անդրանիկ Պէյրութ` 79-42

Լիբանանի պասքեթպոի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը: ՀՄԸՄ-ի աղջիկները, բաւական լաւ ձեւով սկսան այս մրցումը եւ Ա. կիսախաղի դադարին ունեցան 19 կէտի բաւական հանգիստ առաւելութիւն մը` 38-19 արդիւնքով: Առաջին քորթըրին ՀՄԸՄ ունեցաւ 7 կէտի առաւելութիւն մը` 17-10 արդիւնքով:...

Ճատրակ. Արաբական Անհատական  Ախոյեանութիւն.  Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ 20 Տարեկանէն  Վար Դասակարգի Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակ. Արաբական Անհատական Ախոյեանութիւն. Ճիօ Գալուստ Հանդիսացաւ 20 Տարեկանէն Վար Դասակարգի Պրոնզէ Մետալակիր

Նախորդ շաբաթավերջին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ լիբանանահայ Ճիօ Գալուստ` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ 9-18 մարտին: Բաւական սուր պայքար մղելէ եւ կարեւոր մրցումներու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ճիօ Գալուստ, որ միակ հայ ճատրակ խաղացողն էր Լիբանանէն, յաջողեցաւ ապահովել 6 կէտ եւ ատոր շնորհիւ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր: Առաջին...

Սարգիս Ադամեան Պիտի Չմիանայ Հայաստանի  Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Սարգիս Ադամեան Պիտի Չմիանայ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սարգիս Ադամեան իր ստացած վնասուածքին պատճառով պիտի չմիանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին: Անոր փոխարէն հաւաքական հրաւիրուեցաւ  Ուրարտուին մաս կազմող յառաջապահ Արթուր Միրանեան: Նշուեցաւ, որ հաւաքականին պիտի չմիանայ նաեւ Յովհաննէս Համբարձումեան` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ անոր կատարած քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան: Անոր փոխարէն նկատի առնուեցաւ Նոայի յետսապահ Ժորտի Արարատ:...

Աղջկանց Ֆութպոլ.  Հայաստան-Լաթվիա` 0-2

Աղջկանց Ֆութպոլ. Հայաստան-Լաթվիա` 0-2

Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. Լիկայի Բ. խմբակին զտումի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արմաւիրի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի եւ Լաթվիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը: Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին եւս, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը պարտութիւն մը կրած էր Թուրքիայէն` 4-0 արդիւնքով:    

«Լա Լիկա».  Ռէալ Մատրիտ 4-0 Արդիւնքով  Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց  Պարսելոնայէն` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ 4-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութիւն Մը Կրեց Պարսելոնայէն` «Քլասիքօ»-ի Մրցումին

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան: «Քլասիքօ»-ի այս մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Պարսելոնա, որ արձանագրեց բաւական մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-0 արդիւնքով: Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ տուպլէ մը իրագործեց (29-րդ եւ 51-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ (38-րդ) եւ սպանացի յառաջապահ Ֆերան Թորես (47-րդ): Մրցումէն ետք հանդերձարանին...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Մանչեսթըր Սիթի-Լիվըրփուլ  Եւ Չելսի-Քրիսթալ Փալաս Կիսաւարտականի  Հետաքրքրական Ճակատումներ

Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Սիթի-Լիվըրփուլ Եւ Չելսի-Քրիսթալ Փալաս Կիսաւարտականի Հետաքրքրական Ճակատումներ

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին հասած չորս խումբերը, տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք: Մանչեսթըր Սիթի բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, պիտի մրցի Լիվըրփուլի դէմ, մինչ Չելսիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քրիսթալ Փալաս: Լիվըրփուլ իր յաղթանակը արձանագրեց Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ (1-0), Մանչեսթըր Սիթի 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաութհեմփթընը, Քրիսթալ Փալաս` Էվըրթընը...

Թենիս.  Ճոքովիչ Վերադարձաւ Առաջին Դիրք.  Նատալ` Երրորդ Դիրքին Վրայ

Թենիս. Ճոքովիչ Վերադարձաւ Առաջին Դիրք. Նատալ` Երրորդ Դիրքին Վրայ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ հրապարակեց արհեստավարժ թենիս խաղացողներուն միջազգային նոր դասաւորումը: Սերպ Նովաք Ճոքովիչ վերադարձաւ առաջին դիրք (8465), մինչ ռուս Տանիիլ Մետվետեւ նահանջեց երկրորդ դիրք (8445): Իսկ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ դիրքի մը ոստումը արձանագրելով այժմ կը գրաւէ երրորդ դիրքը (7715): Վերջապէս, ռուսահայ Կարէն Խաչանով կը գտնուի 28-րդ դիրքին վրայ:  

«Ֆորմիւլա-1».  Շարլ Լեքլերք Յաղթական` Տարեշրջանի  Բացման Կրան Փրիի Մրցումին

«Ֆորմիւլա-1». Շարլ Լեքլերք Յաղթական` Տարեշրջանի Բացման Կրան Փրիի Մրցումին

Պահրէյնի մէջ տեղի ունեցած կրան փրիով կիրակի, 20 մարտին մեկնարկը տրուեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2022 տարեշրջանի ախոյեանութեան: Անիկա աւարտեցաւ «Ֆեռարի»-ի վարորդ Շարլ Լեքլերքի (Մոնաքօ) յաղթանակով, որ արձանագրեց 1 ժամ 37' 33" արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը գրաւեց անոր խմբակից, սպանացի Քարլոս Սենց, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես»): Աշխարհի գործող ախոյեան նետերլանտցի Մաքս Վերսթափեն («Ռետ Պուլ»), կրան փրին չկրցաւ ամբողջացնել երկու...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տարեշրջանը Աւարտեց  Մեծ Յաղթանակով` Ստանալով Բ. Դասակարգի  Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Տարեշրջանը Աւարտեց Մեծ Յաղթանակով` Ստանալով Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց խումբը կատարեց 2021-2022 տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցելով Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տարեշրջանը աւարտեց մեծ յաղթանակով մը` 7-1 արդիւնքով: Մրցումին կոլերը նշանակեցին Հասան Պայուք (17-րդ եւ 25-րդ), Սերժ Մելիքեան (22-րդ եւ 36-րդ), Աւագ Պալապանեան...

«Սփարք Լիկ»-ի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011-ի Ծնունդ  Տղոց Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան

«Սփարք Լիկ»-ի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիասի 2011-ի Ծնունդ Տղոց Խումբը Հանդիսացաւ Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 20 մարտին, «Սփարք Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ 2011-ի ծնունդ տղոց աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Սալամ Զղարթա: Կատարելով բացառիկ ներկայացում մը, ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը տիրացաւ տիտղոսին` իր մրցակիցին դէմ արձանագրելով 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Սթիւըն Մեսճեան (երկու կոլ), Ճէյսըն Ազիզ եւ Սուրէն Խշուաճեան: Բնականաբար, արձանագրուած...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ ՀՄԸՄ  Պուրճ Համուտ Պարտութիւններ Կրեցին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Պարտութիւններ Կրեցին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նախորդ շաբաթավերջին իրենց կատարած մրցումներուն ընթացքին պարտութիւն կրեցին: ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պէյրութը, անկէ կրեց 83-47 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իսկ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ հիւրը եղաւ Անդրանիկ Սին Էլ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Չկրցաւ  Յաղթանակ Արձանագրել

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Չկրցաւ Յաղթանակ Արձանագրել

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ (Պէյրութի նահանգ) իր կատարած մրցումին ընթացքին չյաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել: ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ մրցեցաւ խմբակին երրորդ դիրքը գրաւող Տինամօ Պէյրութի դէմ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Խմբակին պարագլուխի դիրքը այժմ 13 կէտով կը գրաւէ Աթլեթիքօ Պէյրութ, իսկ ՀՄԸՄ, որ ունի 7 կէտ, կը...

Կռփամարտ.  Յովհաննէս Բաչքովի Երրորդ Յաղթանակը`  Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Կռփամարտ. Յովհաննէս Բաչքովի Երրորդ Յաղթանակը` Արհեստավարժ Ռինկի Վրայ

Թոքիոյի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի ախոյեանութեան եռակի պրոնզէ մետալակիր, Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Յովհաննէս Բաչքով (64 քկ) նախորդ շաբաթավերջին իր երրորդ յաղթանակը արձանագրեց արհեստավարժ ռինկի վրայ: Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի «Փրոպելլում» մրցաշարքին ծիրին մէջ, 29 տարեկան Բաչքով բացարձակ առաւելութեամբ յաղթեց 39 տարեկան արժանթինցի իր մրցակիցին` Քրիսթիան Քորիային: Գիւմրեցի կռփամարտիկը իր այս յաղթանակը արձանագրեց 8-րդ ռաունտին`...

Կռփամարտ.  Դաւիթ Աւանեսեան «Ուեմպլի»-ի Մէջ  5-րդ Անգամ Ըլլալով Պաշտպանեց  Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը

Կռփամարտ. Դաւիթ Աւանեսեան «Ուեմպլի»-ի Մէջ 5-րդ Անգամ Ըլլալով Պաշտպանեց Եւրոպայի Ախոյեանի Տիտղոսը

Արհեստավարժ կռփամարտիկ, ռուսահայ Դաւիթ Աւանեսեան, 5-րդ անգամ ըլլալով պաշտպանեց Եւրոպական Միութեան «Ի. ՊԻ. ԵՈՒ.»-ի վարկածով Եւրոպայի ախոյեանի գօտին: Նախանցեալ օր, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի «Ուեմպլի»-ի մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած արհեստավարժ կռփամարտի երեկոյին գլխաւոր մենամարտին, միջին քաշային կարգին (66 քկ) մէջ հանդէս եկող 33 տարեկան Աւանեսեան տիտղոսը պաշտպանելու համար մրցեցաւ ֆինլանտացի Օսքար Մեցի դէմ եւ առաջին իսկ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր Կը Հրապարակուի Տղոց Ա. Դասակարգի  Ախոյեանութեան 2021-2022 Տարեշրջանի  Երթի Մրցումներուն Յայտագիրը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս-Պէյրութ Եւ Անդրանիկ Պէյրութ-ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:30-ին: Իր կարգին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը այսօր մրցում մը ունի կատարելիք Անդրանիկ Պէյրութի դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան»...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Մարժապա` 5-2

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Այսօր Կը Ստանայ Բ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոսը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 19 մարտին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը կատարէ տարեշրջանի իր վերջին մրցումը` Լուէյզիի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ, Մար Ռուքոզ: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ հանդիսացաւ Բ. դասակարգի ախոյեան, տարեշրջանի աւարտէն քանի մը հանգրուան առաջ: Այսօրուան այս մրցումէն ետք, ախոյեան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սաֆա Շուիթ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Տինամօ Պէյրութ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ-Սաֆա Շուիթ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ-Տինամօ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սաֆա Շուիթը: 4-րդ հանգրուանի այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 15:00-ին: Իսկ Պէյրութի նահանգին մէջ տեղի ունեցող Դ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 20 մարտին, ՀՄԸՄ Պէյրութ, Նըժմէի դաշտին...

Հայկական Պասքեթպոլ.  Բանակային Կեդրոնական Մարզական Ակումբին  Տղոց Խումբը Պիտի Չշարունակէ Իր Պայքարը

Հայկական Պասքեթպոլ. Բանակային Կեդրոնական Մարզական Ակումբին Տղոց Խումբը Պիտի Չշարունակէ Իր Պայքարը

Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Վի.-պեթ» Ա. լիկայի խումբերէն Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին կազմը որոշեց չշարունակել իր պայքարը, Արցախի դէմ կատարուելիք փլէյ օֆի վճռորոշ երրորդ մրցումին: Ակումբը յայտնեց, որ անձնական պատճառներով խումբէն հեռացաւ Ֆրէյտ Սլէյտըր, մինչ ախոյեանութեան մրցանշակիր Տենզըլ Մենսա վնասուածք ստացաւ: Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ակումբը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ըստ ախոյեանութեան օրէնքներուն, ինք իրաւունք չունի իր...

Page 412 of 1280 1 … 411 412 413 … 1,280

Արխիւներ