Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Սարգիս Ադամեան իր ստացած վնասուածքին պատճառով պիտի չմիանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին:
Անոր փոխարէն հաւաքական հրաւիրուեցաւ Ուրարտուին մաս կազմող յառաջապահ Արթուր Միրանեան:
Նշուեցաւ, որ հաւաքականին պիտի չմիանայ նաեւ Յովհաննէս Համբարձումեան` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ անոր կատարած քննութեան արդիւնքը տուած է դրական պատասխան:
Անոր փոխարէն նկատի առնուեցաւ Նոայի յետսապահ Ժորտի Արարատ:
Վնասուածքի պատճառով պիտի բացակայի նաեւ Լուքաս Սելարայեան:
Նշենք, որ ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 24 մարտին հայրենի կազմը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն, իսկ 29 մարտին Օսլոյի մէջ հիւրը պիտի ըլլայ Նորվեկիոյ: