Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Լա Լիկա») 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ռէալ Մատրիտ «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Պարսելոնան:
«Քլասիքօ»-ի այս մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ Պարսելոնա, որ արձանագրեց բաւական մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակ մը` 4-0 արդիւնքով:
Կապոնցի յառաջապահ Փիեռ-Էմերիք Օպամեյանկ տուպլէ մը իրագործեց (29-րդ եւ 51-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին ուրուկուէյցի յետսապահ Ռոնալտ Արաուխօ (38-րդ) եւ սպանացի յառաջապահ Ֆերան Թորես (47-րդ):
Մրցումէն ետք հանդերձարանին մէջ բաւական մեծ էր Պարսելոնայի մարզիկներուն ուրախութիւնը` նկատի ունենալով, որ անոնք արձանագրեցին բաւական կարեւոր յաղթանակ մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Պարսելոնա 54 կէտով կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ:
Պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտ, որ ունի 66 կէտ, 9 կէտով կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սեւիլլան: