Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար աղջկանց ֆութպոլի ախոյեանութեան Բ. Լիկայի Բ. խմբակին զտումի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Արմաւիրի մէջ իրարու դէմ մրցեցան Հայաստանի եւ Լաթվիոյ ֆութպոլի ազգային խումբերը:
Այս մրցումը աւարտեցաւ հիւր կազմին յաղթանակով` 2-0 արդիւնքով:
Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին եւս, Հայաստանի աղջկանց հաւաքականը պարտութիւն մը կրած էր Թուրքիայէն` 4-0 արդիւնքով: