Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 19 մարտին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:30-ին:
Իր կարգին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը այսօր մրցում մը ունի կատարելիք Անդրանիկ Պէյրութի դէմ:
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), պիտի սկսի ժամը 15:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի այս երկու մրցումներուն ուղղուիլ դաշտ` քաջալերելու համար իրենց կազմերը:


