Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց խումբը կատարեց 2021-2022 տարեշրջանի իր վերջին մրցումը, Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) մրցելով Լուէյզի Զուք Մոսպեհի դէմ:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տարեշրջանը աւարտեց մեծ յաղթանակով մը` 7-1 արդիւնքով:
Մրցումին կոլերը նշանակեցին Հասան Պայուք (17-րդ եւ 25-րդ), Սերժ Մելիքեան (22-րդ եւ 36-րդ), Աւագ Պալապանեան (34-րդ), Ներսէս Գիւլխանճեան (36-րդ) եւ Հիւսէյն Զէյն (39-րդ):
Ինչպէս ծանօթ է, տարեշրջանի աւարտէն քանի մը հանգրուան առաջ ՀՄԸՄ արդէն իսկ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանը աւարտեց 30 կէտով, յառաջիկայ տարեշրջանին ելոյթ պիտի ունենայ Ա. դասակարգին մէջ:
Մրցումի աւարտին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ Ժորժ Սոլաժ ախոյեանութեան տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սերժ Մելիքեանին:
Այստեղ կարեւորութեամբ պէտք է նշել, որ մրցումին ներկայ եղան ՀՄԸՄ-ի մեծաթիւ համակիրներ, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերելով իրենց կազմը, ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ:
Մրցումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` ձեռք բերուած այս մեծ յաջողութեան համար:


