Նախորդ շաբաթավերջին Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատէն Պէյրութի միջազգային օդակայան վերադարձաւ լիբանանահայ Ճիօ Գալուստ` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արաբական ճատրակի անհատական ախոյեանութեան, որ տեղի ունեցաւ 9-18 մարտին:
Բաւական սուր պայքար մղելէ եւ կարեւոր մրցումներու յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Ճիօ Գալուստ, որ միակ հայ ճատրակ խաղացողն էր Լիբանանէն, յաջողեցաւ ապահովել 6 կէտ եւ ատոր շնորհիւ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հանդիսացաւ պրոնզէ մետալակիր:
Առաջին դիրքը գրաւեց իրաքցի Ռապիհ Սապահ Նուրի, մինչ անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց ալճերիացի Լամին Իպրահիմի:
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ ապահովեցին 7-ական կէտ:
Տիրանալով պրոնզէ մետալին, Ճիօ Գալուստ ամբողջացուց ՖԻՏԷ-ի Մասթըրի եւ Միջազգային Մասթըրի կոչումը:
Կը շնորհաւորենք Ճիօ Գալուստը եւ անոր ընտանիքը` ձեռք ձգուած այս բացառիկ յաջողութեան համար, անոր մաղթելով նորանոր նուաճումներ` տեղական, միջազգային եւ արաբական մրցաշարքերուն ընթացքին: