Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պէյրութ (Պէյրութի նահանգ) իր կատարած մրցումին ընթացքին չյաջողեցաւ յաղթանակ արձանագրել:
ՀՄԸՄ Պէյրութ, որ Նըժմէի դաշտին վրայ մրցեցաւ խմբակին երրորդ դիրքը գրաւող Տինամօ Պէյրութի դէմ, անկէ կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը այժմ 13 կէտով կը գրաւէ Աթլեթիքօ Պէյրութ, իսկ ՀՄԸՄ, որ ունի 7 կէտ, կը գտնուի 5-րդ դիրքին վրայ:


