Հայաստանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Վի.-պեթ» Ա. լիկայի խումբերէն Բանակային կեդրոնական մարզական ակումբին կազմը որոշեց չշարունակել իր պայքարը, Արցախի դէմ կատարուելիք փլէյ օֆի վճռորոշ երրորդ մրցումին:
Ակումբը յայտնեց, որ անձնական պատճառներով խումբէն հեռացաւ Ֆրէյտ Սլէյտըր, մինչ ախոյեանութեան մրցանշակիր Տենզըլ Մենսա վնասուածք ստացաւ:
Հետեւաբար, ասկէ մեկնելով, ակումբը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ըստ ախոյեանութեան օրէնքներուն, ինք իրաւունք չունի իր պայքարը շարունակելու` նկատի ունենալով, որ այս վիճակին մէջ չի կրնար ապահովել նուազագոյնը եօթը մարզիկ:


