Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի քառորդ աւարտականի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին հասած չորս խումբերը, տեղի ունեցած վիճակաձգութենէն ետք:
Մանչեսթըր Սիթի բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին, պիտի մրցի Լիվըրփուլի դէմ, մինչ Չելսիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Քրիսթալ Փալաս:
Լիվըրփուլ իր յաղթանակը արձանագրեց Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ (1-0), Մանչեսթըր Սիթի 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաութհեմփթընը, Քրիսթալ Փալաս` Էվըրթընը (4-0), իսկ Չելսի` Միտըլզպորոն (2-0):