Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթին համաձայն, Ռէալ Մատրիտի ղեկավարութիւնը պաշտօնանկ պիտի չընէ իր իտալացի մարզիչը` Քարլօ Անչելոթթին, եթէ արքայական ակումբը տիրանայ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսներուն:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը մայրաքաղաքի կազմին հետ նախատեսուած է մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանին աւարտը:
Ռէալ Մատրիտ թէեւ «Լա Լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց իր դաշտին վրայ Պարսելոնայէն` «Քլասիքօ»-ի մրցումին, սակայն անիկա կը շարունակէ զգալի առաւելութեամբ մը գլխաւորել ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Ռէալ Մատրիտ, որ այժմ ունի 66 կէտ, 9 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Սեւիլլան:
Մրցում մը նուազ կատարած Պարսելոնա 54 կէտով կը գտնուի երրորդ դիրքին վրայ:


