Սպանացի անուանի թենիսմեն Ռաֆայէլ Նատալ, որ թենիսի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացած է 21 կրան շլեմի մրցաշարքերու տիտղոսներու, կոտրուածք ստացաւ, այս մասին յայտնեց սպանական անուանի «Մարքա» մարզական օրաթերթը:
Նատալ, որ իր վնասուածքը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու Ինտիըն Ուէյլզ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Մասթըրզի մրցաշարքի աւարտականին, ապաքինման համար պէտք ունի շուրջ վեց շաբթուան:
Ան այսպիսով պիտի բացակայի 10-17 ապրիլին Մոնթէ Քարլոյի մէջ տեղի ունենալիք Մասթըրզի մրցաշարքէն:
Նշենք, որ Ինտիըն Ուէյլզի մրցաշարքի աւարտականին, Նատալ 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով պարտուեցաւ ամերիկացի Թէյլոր Ֆրիցէն:


