Արարատի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արամ Ոսկանեան նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Էտկար Թորոսեանը:
46 տարեկան ֆութպոլի մասնագէտը իբրեւ գլխաւոր մարզիչ նախապէս աշխատած է Միքայի, Բանանցի, Ալաշկերտի, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականին եւ ղազախական Աթիրաու ակումբին հետ:
Ան մաս կազմած է հայկական եւ արտասահմանեան շարք մը ակումբներու:
1995-էն 1998 ան մաս կազմած է Արարատի եւ 81 մրցումի ընթացքին նշանակած 30 կոլ:
Երեւանեան ակումբը յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմեցին նաեւ օգնականներ Մանուկ Սարգսեան եւ Հայկ Ոսկանեան, ինչպէս նաեւ բերդապահներու մարզիչ Տիգրան Ասլանեան: