2022-ի Մոնտիալի «փլէյ օֆ»-ի հանգրուանին կիսաւարտականի մրցումին ծիրին մէջ, Ուքրանիա, որ հիւրը եղաւ Սկովտիոյ, արձանագրելով 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կիրակի, 5 յունիսին, հիւրը պիտի ըլլայ Կալեսի:
Յաղթական կազմին կոլերը նշանակեցին Անտրէյ Եարմոլենքօ (33-րդ), Ռոման Եարեմչուք (49-րդ) եւ Արտեմ Տովպիք (90+5-րդ):