Երեւանի մէջ իր աւարտին հասած Եւրոպայի կռփամարտի ախոյեանութեան, Հայաստանի ազգային հաւաքականը մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ գրաւեց 5-րդ դիրքը` տիրանալով 4 մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
Առաջին դիրքին վրայ յայտնուեցաւ Վրաստան (3 ոսկի, 1 արծաթ), երկրորդ դիրքը գրաւեց Սերպիա (2 ոսկի), մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Սպանիա (1 ոսկի, 3 արծաթ եւ 1 պրոնզ):
Ամէնէն շատ մետալներուն տիրացաւ 6-րդ հանդիսացած Իտալիա (1 ոսկի, 1 արծաթ եւ 5 պրոնզ):
Եւրոպայի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Պելճիքա, որ տիրացաւ ոսկի մետալի մը, 1955-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով է, որ մետալի կը տիրանայ:
Իսկ Աւստրիա, որ տիրացաւ միայն պրոնզ մետալի մը, վերջին անգամ 1975-ին էր, որ մետալակիր դարձած էր:
Ընդհանուր առմամբ, Երեւանի մէջ պարգեւատրուեցան 20 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
52 մետալներու համար պայքարեցան 39 երկիրներէ 219 կռփամարտիկներ:
Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մարզիկները պայքարեցան 13 դասակարգերու մրցումներու ընթացքին:


