«ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Լոս Անճելըս Լէյքըրզի 37 տարեկան մարզիկ Լեպրոն Ճէյմս դարձաւ միլիառատէր:
Նախորդ տարի Ճէյմս, որ շահեցաւ 121 միլիոն եւրօ, ներկայիս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խաղացողներուն մէջ միակ միլիառատէրն է` «Ֆորպս»-ի ցանկին մէջ:
Այստեղ նշենք սակայն, որ 8 տարի առաջ, այս իրագործումը յաջողած էր կատարել Մայքըլ Ճորտըն, սակայն ոչ` իբրեւ գործող պասքեթպոլիստ, նկատի ունենալով, որ բաւական առաջ աւարտած էր պասքեթպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը:
«Ֆորպս»-ի հաշիւներով, Ճէյմս Քլիվլենտ Քաւալիրզէն, Մայեմի Հիթէն եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն ստացած է ընդհանուրը 385 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ:
Իսկ ծանուցումներէն եւ վաճառականական բաժնետոմսերէն անոր ընդհանուր եկամուտը հասած է 900 միլիոն ամերիկեան տոլարի:
Նշուեցաւ, որ ան բաժնետոմսեր ունի «Պլէյզ Փիցցա» ցանցին, մարզասարքեր արտադրող «Թոնալ» եւ «Լիֆթ» թաքսիի ընկերութիւններուն մէջ:
Ճէյմս «ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.»-ի քառակի, իսկ ողիմպիականի կրկնակի ախոյեան է:


