Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ 20-0 Արդիւնքով Յաղթական Հռչակուեցաւ. Այսօր` Պէյրութ-Ռիատի Պէյրութ Երրորդ Մրցումը

June 3, 2022
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Մանարայի դաշտին վրայ, իրարու դէմ հանեց Ռիատի Պէյրութն ու Պէյրութը:

Երկու կազմերուն միջեւ առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցած էր Շիահի մարզադաշտին վրայ, աւարտած էր Ռիատիի յաղթանակով` 71-69 արդիւնքով, հակառակ անոր որ հիւրընկալ կազմը մրցումին տեւողութեան ունեցած էր 22 կէտի առաւելութիւն մը:

Ինչ կը վերաբերի երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած երկրորդ մրցումին, դիմուեցաւ երկարաձգման` նկատի ունենալով, որ չորրորդ քորթըրէն ետք երկու կազմերն ալ նշանակեցին 70-ական կէտ:

Անիկա սակայն չհասաւ իր աւարտին, երբ իրաւարարի սուլիչէն 50 երկվայրկեան առաջ Պէյրութ քաշուեցաւ մրցումէն` բողոքելով, որ դաշտը ծուխով ծածկուած էր, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար ի նպաստ Ռիատիի` 77-70 արդիւնքով:

Նշենք, որ երրորդ քորթըրին մրցումը թէեւ քանի մը վայրկեան ընդհատուեցաւ, սակայն անիկա դարձեալ շարունակուեցաւ:

Նկատի ունենալով, որ Պէյրութ քաշուեցաւ մրցումէն, անիկա 20-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ, ըստ ֆետերասիոնին կանոնագիրին:

Երկու կազմերուն միջեւ երրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` ուրբաթ, 3 յունիսին, երեկոյեան ժամը 21:40-ին, Շիահի մարզադաշտին վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Ռաֆայէլ Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (3 Յունիս 2022)

RelatedPosts

Տաքար 2026.  Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի
Մարզական

Տաքար 2026. Արծաթէ Մետալ` Օպէյտի

November 7, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Յաղթանակը  Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Յաղթանակը Կորսնցուց Յաւելուած Վայրկեաններուն

November 7, 2026
Նշանառութիւն.  Էլմիրա Կարապետեան  Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին
Մարզական

Նշանառութիւն. Էլմիրա Կարապետեան Չկրցաւ Հասնիլ Ողիմպիականին

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.