Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ տեղի ունեցող Ֆրանսայի թենիսի բաց ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի մրցաշարքին ծիրին մէջ, յստակացան աղջկանց աւարտական հանգրուանին իրենց տոմսերը ապահոված մարզիկները, երբ կատարուեցան կիսաւարտականի ճակատումները:
18 տարեկան ամերիկացի Քորի Կաուֆ, որ դասուած է 18-րդ, իր յաղթանակը արձանագրեց 59-րդ դասուած Մարթինա Թրեւիսանի (Իտալիա) դէմ` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով:
Աւարտականին Կաուֆ, որ առաջին անգամ ըլլալով հասաւ կրան շլեմի մրցաշարքի մը աւարտականին, այսօր` շաբաթ, 4 յունիսին իրեն մրցակից պիտի ունենայ աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող լեհ Իկա Սվիաթեքը, որ իր յաղթանակը արձանագրեց 20 տարեկան ռուս Տարիա Քասաթքինայի դէմ` 6-2 եւ 6-1 արդիւնքով:


