Ֆրանսայի թենիսի ախոյեանութեան` «Ռոլան Կարոս»-ի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տղոց քառորդ աւարտականին արձանագրուած արդիւնքներուն լոյսին տակ, յստակացան կիսաւարտական հանգրուանին իրարու դէմ ճակատող մարզիկները:
Կիսաւարտականի առաջին մրցումը իրարու դէմ պիտի հանէ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալն (5-րդ) ու գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւը (3-րդ):
Այս մրցումին յաղթականը աւարտականին իր դէմ պիտի ունենայ խրուաթ Մարին Սիլիչ (20-րդ)-նորվեկիացի Քասպեր Ռուտ (8-րդ) մրցումին յաղթականը:
Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը կը կազմէ 43,6 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` շաբաթ, 4 յունիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 16:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):