Կազմակերպութեամբ «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ին եւ գործակցութեամբ Ռումիէի քաղաքապետութեան, կիրակի, 5 յունիսին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ախոյեանութեան «սփիտ թեսթ»-ի 2-րդ հանգրուանի մրցումը, Ռումիէի շրջանին մէջ:
Վարորդներուն արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան «Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.»-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 3 յունիս, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ը:
Մասնակցողներուն անունները պիտի հրապարակուին շաբաթ, 4 յունիսին, յետմիջօրէի ժամը 13:00-ին:


