Ա. Սէ. Միլանին մաս կազմող շուէտացի միջազգային յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ պիտի ենթարկուի ծունկի վիրաբուժութեան, երկար ժամանակ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Ըստ իտալական մարզական մամուլին, 40 տարեկան ֆութպոլիստը շատ հաւանաբար 7-8 ամիս պիտի չկարենայ ֆութպոլի մրցումներուն մասնակցիլ:
Ըստ շրջան ընող լուրերուն, Իպրահիմովիչ, որ իր ակումբին հետ հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, շատ հաւանաբար միլանեան կազմին հետ իր պայմանագրութիւնը մէկ տարիով երկարաձգէ:


