Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան` Փարիզ Սեն Ժերմէն մտադիր է ամառնային մարզիկներու փոխանցման ընթացքին ծախել իր պրազիլցի 30 տարեկան յառաջապահ Նէյմարը:
23 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէի հետ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք, փարիզեան ակումբը Նէյմարը ծախելով յոյս ունի ակումբին ծախսերը որոշ չափով նուազեցնել:
Պրազիլցին շաբաթական կը գանձէ 580 հազար եւրօ:
Անոր փոխանցման արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 80-90 միլիոն եւրոյով:
Ֆրանսայի ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, Նէյմար իր կազմին հետ բոլոր մրցաշարքերուն ընթացքին կատարեց 28 մրցում, նշանակեց 13 կոլ եւ կատարեց 8 էսիսթ: