Հայաստանի ֆութպոլի նորընծայ ախոյեան Փիւնիկ Երեւանէն հեռացաւ անուանի եւ փորձառու միջնապահ Գէորգ Ղազարեան:
Ֆութպոլիստին հետ ստորագրուած պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը, այս մասին հաղորդեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ղազարեան, որ նախորդ ամառ վերադարձած էր Փիւնիկ, իր կազմին խմբապետն էր:
Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի աւարտած ախոյեանութեան, 34 տարեկան ֆութպոլիստը իր կազմին հետ կատարեց 17 մրցում եւ նշանակեց 3 կոլ:
Փիւնիկ շնորհակալութիւն յայտնեց Գէորգ Ղազարեանին` ախոյեանութեան տիտղոսին տիրանալուն մէջ անոր ունեցած մեծ դերակատարութեան համար, եւ անոր մաղթեց յաջողութիւն` ապագայի իր ծրագիրներուն մէջ:


