Ալպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ տեղի ունեցած Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին («ԱՅ. ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԷՖ.») յատուկ համագումարին, տեղի ունեցան ֆետերասիոնին նախագահական ընտրութիւնները:
Նախագահի պաշտօնին համար իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած 12 անձերէն տասը քուէարկութենէն առաջ յետս կոչեցին իրենց թեկնածութիւնը:
Այսպիսով, պայքարը ընթացաւ Իրաքի ներկայացուցիչ, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Մոհամետ Ժալուտի եւ քաթարցի Եուսեֆ Մանանի միջեւ:
Նախագահ ընտրուեցաւ Մոհամետ Ժալուտ, որ ծանրաբարձութեան մէջ մեծ փորձառութիւն եւ հեղինակութիւն ունի:
Իսկ ընդհանուր քարտուղար ընտրուեցաւ փերուցի Խոսէ Քարիոս Քինյոնես Կոնզալես:
Համագումարին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար, Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան: